image

Սէուտական Արաբիան կախաղան հանած է 81 մարդ

Սէուտական   Արաբիան կախաղան հանած է 81 մարդ

Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները մահապատիժ իրականացուցած են 81 մարդու նկատմամբ, որոնք մեղաւոր են ծանր յանցագործութիւններու՝ սպանութեան, բռնաբարութեան եւ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու մէջ։ Այս մասին յայտնած է Սէուտական Արաբիոյ մամլոյ գործակալութիւնը։

«81 դատապարտուածներէն իւրաքանչիւրը մեղադրուած է տարբեր ծանր յանցագործութիւններու մէջ, անոնց կարգին՝ անմեղ տղամարդոց, կանանց եւ երեխաներու սպանութիւններու, խոշտանգումներու, բռնաբարութեան, զէնքի մաքսանենգութեան, հաւատարմութեան երդում տալու օտարերկրեայ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն, ինչպիսիք են «Իսլամական պետութիւնը» եւ «Ալ-Քաիտան» եւ այլ կազմաւորութիւններ»,–նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ինչպէս նշուած է, նախաքննութեան փուլին եւ դատավարութեան ընթացքին երկիրը յանցագործութիւններու կատարման մէջ կասկածեալներէն իւրաքանչիւրը ապահոված է փաստաբանով եւ երաշխաւորած անոնց  իրաւունքներու պահպանումը Սէուտական Արաբիոյ օրէնքներուն համապատասխան։ Գործերը քննած է ընդհանուր առմամբ 13 դատաւոր։