Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան, որ կը գտնուի Պէյրութ, այսօր պատուիրակութեամբ մը այցելած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։
Այս մասին կը կարդանք ՍԴՀԿ Լիբանանի մարմնի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանի, Երկուշաբթի, 24 Յունուար 2021-ին այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք եւ տեսակցեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեանը, Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ներկայացուցիչ Վանիկ Տագէսեանն ու Հ.Կ.Բ.Մ.ի ատենապետ Արամ Մալեանը:
Վեհափառ Հայրապետին հետ կուսակցութեան պատուիրակութիւնը զրուցեց հայ ժողովուրդը հետաքրքրող զանազան նիւթերու մասին, մասնաւորաբար կեդրոնանալով Հայաստանի իրավիճակին եւ վերջին կարեւոր զարգացումներուն, Արցախեան հարցով ստեղծուած իրավիճակին, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ զարգացնելու անհրաժեշտութեան եւ միջոցներուն, հայ ժողովուրդի միասնկանութիւնն ու համերաշխութիւնը ապահովելու հրամայականին վրայ: Ժողովականները անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Թուրքիա նորագոյն շփումներուն եւ անոնց հեռանկարներուն:
Հնչակեան կուսակցութեան պատուիրակութիւնը Նորին Սրբութեան ներկայացուց հայաստանեան եւ համահայկական հարցերուն շուրջ կուսակցութեան կեցուածքները, որոնք կը բխին հայ ժողովուրդի շահերն ու արդար իրաւունքները պաշտպանելու մնայուն դիրքորոշումէն: Անդրադարձ եղաւ նաեւ լիբանանահայութեան իրավիճակին եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները յաղթահարելու ուղղութեամբ առնուած համագաղութային ջանքերու