image

ՍԴՀԿ Ամերիկայի մարմնի այցը՝ Պատուելի Հենրիկ Շահնազարեանին

ՍԴՀԿ  Ամերիկայի մարմնի այցը՝ Պատուելի Հենրիկ Շահնազարեանին

Վերջերս Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան աւագ հովիւ նշանակուած էր երիտասարդ եւ ժրաջան պատուելի Հենրիկ Շահնազարեան: Իր այս յոյժ կարեւոր եւ նշանկալի պաշտօնը շնորհաւորելու համար, անցեալ Հինգշաբթի, 2  Դեկտեմբեր 2021, ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը,  այցելութիւն մը տուաւ Կլենտէյլի իրենց համայնքային կեդրոնին մէջ:

Սոյն հանդիպման ներկայ էին ՀԱՀԱ Միութեան աւագ հովիւ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, Կիլիկիա Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ հովիւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան, փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեան եւ փրոֆ.Յասմիկ Պարան:

Սոց. Դեմ. Հնչակեան կուսակցութեան Վարիչ Մարմնի ատենապետ Ընկ. Վազգէն Խոտանեան, պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան հովանիին ներքեւ գործող բոլոր կառոյցներու անունով իր սրտագին ջերմ շնորհաւորութիւնները փոխանցեց պատուելի Հենրիկ Շահնազարեանին, մաղթելով քաջառողջութիւն, եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր բեղուն գործունէութիւն: Իր հերթին` նորանշանակ պատուելի Հենրիկ Շահնազարեան, շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար արտայայտելով իր գոհունակութիւնը, ի տես գաղութի տարբեր հաստատութիւններու միջեւ եղած օգտաշատ համագործակցութեան:

Ան մաղթեց որ յետագային եւս շարունակուին սերտ համագործակցութիւնը Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան միջեւ:

Աւելի քան ժամ մը տեւող այս հանդիպման ընթացքին, սրտաբաց եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ, տեղի ունեցան կարծիքներու փոխանակութիւններ, գաղութային կառոյցներու, կրթական հաստատութիւններու հայեցի դաստիարակութեան, «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի ներկայ իրավիճակին եւ Մայր Հայրենիքին, Արցախին ու Լիբանանին սատարելու հրամայականին վերաբերեալ:

Բարեկամական ջերմ եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ եղած սոյն հանդիպման աւարտին ներկաները ՀԱՀԱՄ-ի հիւրընկալ կեդրոնէն բաժնուեցան լաւագոյն տպաւորութիւններով:

 

 Լուրը՝  «Մասիս»էն: