image
Հրատապ լուրեր:

Սարսափելի արկած Լոռիի մէջ. մահացած են 3 երիտասարդնր

Սարսափելի  արկած Լոռիի մէջ. մահացած են 3 երիտասարդնր

25 Օգոստոսին, ինքնաշարժի ողբերգական վթար տեղի ունեցած է Լոռիի մարզին մէջ: Կայ երեք զոհ։ Տեղեկութիւը յայտնած է shamshyan.com–ը։

«Ժամը 19:20–ի սահմաններում Վանաձոր-Ալավերդի Մ-6 ոճանապարհի 24-րդ քմ հատուածում բախուել են Man բեռնատարն ու Mercedes մակնիշի մեքենաները»,–գրած է կայքը:

Բախման հետեւանքով Mercedes-ը զարնուած է ճանապարհին տեղադրուած պեթոնէ յենապատերուն, որոնցմէ երկուքը կոտրուած են ու Mercedes-ը մօտ 4 մեթր բարձրութենէն ինկած է եւ կողաշրջուած վիճակի մէջ յայտնուած է Դեբեդ գետի ափին՝ բախուելով ծառին:

Վթարի հետեւանքով 1 մարդ տեւոյն վրայ մահացած է, 2–ը` ծայրայեղ ծանր ախտորոշմամբ տեղափոխուած «Վանաձոր» բժշկական կեդրոն:

Ճանապարհին վիրաւորներէն մէկը, գիտակցութեան չգալով, մահացած է:

Մինչ քննչական խումբը դէպքի վայրի զննութիւն կը կատարէր, «Վանաձոր» հիւանդանոցէն ոստիկանութեան տեղեկացուցած են, որ վիրաւորը, գիտակցութեան չգալով, նոյնպէս մահացած է:

Վթարի փաստով Լոռիի մարզի քննչական վարչութենէն ներս յարուցուած է քրէական գործ:

Ոստիկանութիւնն ու քննչական վարչութիւնը կը պարզեն վարորդներու, մահացածներու ինքնութիւնը:

Կայքի տեղեկութիւններով՝ մահացածներէն մէկը 18-ամեայ Նարէ Մաթեւոսեանն է, միւսները` 15-ամեայ Միլենա Պարտիկեանը եւ 20-ամեայ Արգիշտի Մանուկեանը։ Man-ի ղեկին եղած է 58-ամեայ Դաւիթ Օմիլաշվիլին: