image

Սարսափելի արկած Երեւան-Երասխ ճանապարհին. Կան զոհեր

Սարսափելի արկած Երեւան-Երասխ ճանապարհին. Կան զոհեր

18 յուլիսին, ժամը 00:30-ի սահմաններուն, Երեւան-Երասխ ճանապարհին տեղի ունեցած է 5 փոխադրամիջոցներու մասնակցութեամբ մեծ վթար։ 

Մասնաւորապէս, իրար բախած են «Ֆորտ Թրանզիթ» մակնիշի, «Գազել» մակնիշի, «Ինֆինիթի» մակնիշի, «Մերսետես» մակնիշի եւ «BMW» մակնիշի մեքենաները։

Պատահարի հետեւանքով մահացած է ուղեւորներէն 21-ամեայ տղամարդը, իսկ 17 անձ տարբեր աստիճաններու մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են Արտաշատի, Մասիսի եւ Երեւան քաղաքի հիւանդանոցներ:

«Էրեբունի» հիւանդանոցէն հաղորդած են, որ նշուած վթարի հետեւանքով մարմնական վնասուածքներ ստացած անձերէն եւս երկուքը՝ ուղեւորներէն 43-ամեայ տղամարդը եւ BMW-ի 25-ամեայ վարորդը, վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, գիտակցութեան չգալով, մահացած են:

Խոշոր վթարի փաստով քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է: Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է ՀՀ քննչական կոմիտէի մամուլի քարտուղար Գոռ Աբրահամեանը։