image
Հրատապ լուրեր:

Սամուէլ Շահրամանեանի ստորագրած թուղթը չեղարկելու հնարաւորութիւն դեռ կայ. Սամուէլ Բաբայեան

Սամուէլ Շահրամանեանի ստորագրած թուղթը չեղարկելու հնարաւորութիւն դեռ կայ. Սամուէլ Բաբայեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի ստորագրած փաստաթուղթը չեղեալ համարելու հնարաւորութիւն կայ: Այս մասին 14 հոկտեմբերին, լրատուամիջոցներու հետ զրոյցին ըսած է «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Բաբայեան:

«Իրենք որ հրաման են ստորագրել, ստորագրել են, որ մինչեւ յունուարի 1-ը գործում է: Միակ լեգիտիմ (օրինական) մարմինը Արցախի  ԱԺ-ն է, որը պէտք է նայի էդ հրամանը, ուղարկի դատարան, կը նայեն, թէ որքանով է իրաւական առումով համապատասխանում դա, կամ չի համապատասխանում: Յետոյ արդէն պառլամենտը (խորհրդարան) կ'որոշի իր քայլերը: Եթէ չի համապատասխանում՝ կը հեռացնի նախագահին, կ'ընտրի նոր մարմին, որը կը կառավարի, կը փորձի ամբողջ ժողովրդին վերաբնակեցնելու, կամ բանակեցնելու խնդիր լուծել»,- ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան հրամանագիր ստորագրած էր 2023 թուականի 19 սեպտեմբերէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակէն բխող գործողութիւններու մասին, որու համաձայն մինչեւ 2024 թուականի 1 յունուարին պիտի լուծարուի գերատեսչական ենթակայութեան բոլոր պետական հիմնարկները եւ կազմակերպութիւնները եւ Արցախի Հանրապետութիւնը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ։