image
Հրատապ լուրեր:

Սալվատոր Ռամոս. Խելագա՞ր, հոգեկան հիւա՞նդ, կամ անտեսուած երիտասարդ.Թեքսասի սպանդին հետքերով (Լուսանկար)

  Սալվատոր Ռամոս. Խելագա՞ր, հոգեկան հիւա՞նդ, կամ անտեսուած երիտասարդ.Թեքսասի սպանդին հետքերով (Լուսանկար)

 Ամերիկեան Թեքսաս նահանգին մէջ տեղի ունեցած սպանդը կը շարունակէ մնալ ուշադրութեան կեդրոն։

 

Այս առումով ուշագրաւ էին Ամերիկեան ԶԼՄ-ներու կողմէ հրապարակուած տեղեկութիւնները, որոնք «ուշագրաւ» մանրամասնութիւններ կը հաղորդէին ոճիրը գործած  18-ամեայ յանցագործ ՝ Սալվատոր Ռամոսի մասին։

 

 Ըստ կարգ մը աղբիւրներու Ռամոս հոգեկան խնդիրներ ունեցող եւ մեծ մօր հետ ապրող երիտասարդ մըն էր, որ իր մօրմէն հեռացած էր այն պատճառով, որ անոր մայրը դարձած էր թմրամոլ։ 

Կը նշուի նաեւ, որ Ռամոս այն դպրոցին մէջ, ուր գործած է ոճիրը յաճախ եղած է ծաղրանքի առարկայ իր հին զգեստներուն, աղքատ ըլլալուն ու նաեւ արտայայտուիլ չկարենալուն պատճառով։ 

 Կան նաեւ տեղեկութիւններ, որ ան վերջին օրերուն սկսած էր իր ընկերային էջերուն վրայ տեղադրել կարգ մը արդիական զէնքերու նկարներ ու իր մերձաւոր ընկերներէն մէկուն յայտնած, որ ինք այլեւս «ուրիշ մարդ» մը դարձած է։ 

 

Սպանդին հետեւանքով զոհուած խումբ մը երեխաներ...

Յիշեցնենք, որ երէկ ուշ ժամերուն «Արեւելք» եղած սպանդին մասին հիմնական տեղեկութիւնները տուած էր առաջինը, լրատւութեան հիմնական մասը քաղելով ամերիկեան ԶԼՄ-ներէ։

 

 Միացեալ Նահանգներու մէջ նման զազրելի սպանութիւնները սկսած են դառնալ յաճախակի, բան մը, որ խոր մտահոգութիւն սկսած է պատճառել երկրի իրաւապահ մարմիններուն։

 

 Աւարտին յայտնենք, որ երէկ տեղի ունեցած սպանդին հետեւնքով զոհերուն թիւը անցած էր 20-ը, որոնց մէջ ինք Ռամոս եւ անոր մեծ մայրիկը։