ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւն.
«Յունուրի 11-ին հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ, ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու իրականացուցած սադրանքի հետեւանքով զոհուած են ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայողներ, շարքային Արթուր Արտյոմի Մխիթարեանը (ծնեալ 2002թ.) եւ կրտսեր սերժանտ Ռուդիկ Ռաֆիկի Ղարիբեանը (ծնեալ 2002թ.):
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ զօրակիցներուն:
Եւս երկու զինծառայող վիրաւոր է. իրենց կեանքին վտանգ չի սպառնար:
Ժամը 21:00-ի դրութեամբ՝ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է»: