5 Սեպտեմբերի երեկոյեան հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին տեղակայուած մարտական դիրքին վրայ, նախնական տուեալներով` հակառակորդի արձակած կրակոցէն մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, կրտսեր սերժանտ Արման Գագիկի Սարգսեանը (2002-ի ծնունդ): Այս մասին յայտնած է Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Փաստի առթիւ կայազօրային քննչական բաժնէն ներս կը նախապատրատուին նիւթեր:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արման Սարգսեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակից ընկերներուն: