Բոլոր թիրախները ներառուած են յարձակման ծրագրին մէջ` թիրախաւորելու հրամանատարական շտաբը, հրթիռահրետանային նռնակները, ականանետերը: Այս ամէնը պիտի խոցուին Լիբանանի Պետութեան մէջ:
Իսրայէլի սպայակոյտի պետ Աւիւ Քոխաւին զգուշացուցած է, որ Լիբանանի հետ որեւէ յառաջիկայ պատերազմ պիտի ըլլայ «կործանարար, դաժան եւ աննախադէպ», յատկապէս հրթիռային համակարգերու եւ այլ նպատակներու թիրախաւորման առումով:
Խիստ սպառնալից ոճով Քոխաւին Իսրայէլի հեռարձակման ընկերակցութեան եւ այլ լրատուամիջոցներու կողմէ հեռարձակուած տեսագրութեան մէջ ըսած է, որ սահմանային գօտիին մէջ ապրող լիբանանցիներուն կը խոստանայ, որ զանոնք պիտի նախազգուշացնէ մինչեւ որեւէ պատերազմի բռնկում, որովհետեւ «այս անգամ ռմբակոծութիւններու արագութիւնը մեծ, մագլցողական եւ աննախադէպ պիտի ըլլայ:
Քոխաւին յայտնած է, որ իսրայէլեան բանակը գործ ունի իր նկարագրած «վեց ճակատներու հետ` վեց հարթութիւններու վրայ եւ մեծ թիւով տարբեր սպառնալիքներու հետ», եւ անոցնմէ «ամենավտանգաւորը» ներկայացուած է երրորդ շրջանին մվջ հաւանական միջուկային սպառնալիքով:
Ան շարունակեց. «Իւրաքանչիւր կէտ, որ կապուած է հրթիռներու հետ, թիրախ պիտի դառնայ յաջորդ պատերազմին: Տուն, ուր արկ կը գտնուի կամ կը գտնուի արկի մօտ, կամ աքթիվիսթ՝ որ կը զբաղի հրթիռային արկով, հրամանատարական շտաբ՝ որ կը զբաղի արկի հետ, կամ ելեկտրական ընկերութիւն որ կապուած է խումբ մը հրթիռներու հետ... Այս ամբողջ ցանցը պիտի խոցուի պատերազմին օրը»:
Ան յաւելած է. «Մենք հազարաւոր թիրախներ ճշդած ենք, որոնք պիտի ոչնչացուին թշնամիի հրթիռային համակարգին մէջ», Հըզպալլային ակնարկելով:
Քոխաւի ընդգծած է, որ «բոլոր թիրախները ներառուած են յարձակման ծրագրին մէջ` թիրախաւորելու հրամանատարական շտաբը, հրթիռահրետանային նռնակները, ականանետերը: Այս ամէնը պիտի խոցուին Լիբանանի Պետութեան մէջ»:
Ան ակնարկած է, որ իր ուժերը կրկին պիտի ռմբակոծեն Դամասկոսի օդակայանը եւ որեւէ քաղաքացիական ենթակառուցուածք, որ կ'օգտագործուի երկակի ձեւով՝ «քաղաքացիական-ռազմական», ըսելով. «Մենք ապագային պիտի արունակենք հարուածել քաղաքացիական եւ ռազմական ենթակառուցուածքներու վրայ… եւ զանգուածային հարուածներ պիտի հասցնենք այն կառոյցներուն, որոնք կ'օգտագործուին ահաբեկչութեան համար»: