Թրքական «Հուրրիէթ» օրաթերթը յօդուած տպագրած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին: Նախ անդրադարձած է Թուրքիոյի արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի՝ օրերս ըրած յայտարարութեան, որուն մէջ նախարարը ընդգծած է, որ Թուրքիոյ նպատակը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորումն է, եւ որ Երեւանը շատ գոհ է Անգարայի այդ դիրքորոշումէն։
«Հուրէիէթ»-ը կը յայտնէ, որ այդ դիրքորոշումէն գոհ են նաեւ Թուրքիոյ հայերը, որոնց ուրախացուցած է երկու երկիրներուն միջեւ թռիչքներու վերսկսումը: Օրաթերթը տպագրած է Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ Արք. Մաշալեանի, համայնքէն քանի մը հոգիի, ինչպէս նաեւ թուրք դասախօսներու, պատմաբաններու տեսակէտեր հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին:
Ըստ թերթին՝ հայոց պատրիարքը յայտնած է, որ Թուրքիոյ հայերը ուրախ են Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ ձեռնարկուած կարգաւորման քայլերուն համար: Սահակ Արք. Մաշալեան յիշեցուցած է, որ հարեւանութեամբ ապրող երկու երկիրները խոր անցեալ ունին, եւ արժէքաւոր են բոլոր այն քայլերը, որոնք թէ՛ ներդրումներու, թէ՛ մշակութային առումով կրնան նպաստել այդ յարաբերութիւններու ամրապնդման: «Պոլսահայութեան համար չափազանց կարեւոր է նաեւ, որ յարաբերութիւնները օրէ օր աւելի լաւանան, որ երկու համայնքներն ալ ճանչնան միմեանց, աշխատին միասին, ներդրումներ կատարեն, եւ մշակութային հարուստ արժէքները հանդիպին ընդհանուր հողի վրայ», ըսած է պատրիարքը, որ, ի դէպ, այս օրերուն վարակուած է «Քովիտ»ով եւ կը բուժուի:
Լուրը ՝ Պոլսոյ «ԺԱՄԱՆԱԿ»էն: