image

Ս. Ներսէս Շնորհալիի թեմայով քննարկում՝ Լաթվիոյ մէջ

Ս. Ներսէս Շնորհալիի  թեմայով  քննարկում՝ Լաթվիոյ  մէջ

 Մեր եկեղեցւոյ  պատմութեան  մէջ  առանցքային դեր ունեցած  Ս. Ներսէս Շնորհալիի ծննդեան 850 ամեակի ոգեկոչման միջոցառումներու ընդառաջ Պալթեան երկիրներու թեմի  առաջնորդ Գերշ. Տ. Վարդան եպս. Նաւա սարդեան օրերս քննարկում ունեցած է Լաթվիոյ համալսարանի Աստուածաբանութեան մասնաճիւղին մէջ:

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պալթեան երկիրներու թեմի  պաշտօնական էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

 

13 յունիս, 2023-ին, Պալթեան երկիրներու հայոց թեմի առաջնորդ Գեր. Տ. Վարդան եպս. Նաւասարդեան այցելած է Լաթվիոյ պետական համալսարան եւ հանդիպած Աստուածաբանութեան ֆակուլտետի դեկան դոկտ. փրոֆեսոր Տացէ Պալոդէին հետ եւ քննարկած Թեմի եւ կրթական հաստատութեան հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Ս. Ներսէս Շնորհալիին նուիրուած գիտաժողով կազմակերպելու հարցը: Հանդիպման ներկայ եղած է ֆակուլտետի դասախօս փրոֆեսոր Էլիզապէթ Թաիվան: