Ս. Էջմիածինը միջազգային համաժողով կազմակերպած է Արցախի ժառանգութեան հիմնախնդրի թեմայով Այս մասին իմացանք Մայր Աթոռի Տեղեկատուական գրասենեակէն:
Սեպտեմբեր 9-ին եւ 10-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ պիտի կայանայ «Կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն թեմայով» միջազգային համաժողով: Շուրջ 100 մասնակից հրաւիրուած է` տեղացի եւ արտասահմանցի գիտնականներ, հետազօտողներ, եկեղեցական եւ կրօնական կառոյցներու ներկայացուցիչներ: Պիտի ննարկուի 44-օրեայ պատերազմի պատճառով տուժած յուշարձաններու հիմնախնդիրը, մասնաւորապէս, Արցախի ժառանգութիւնը:
Համաժողովի ընթացքին, որու պաշտօնական մեկնարկը պիտի տրուի 9 Սեպտեմբերին, քննարկվելիք թեմաներէն են հակամարտութեան գօտիներու մէջ դէպի պաշտամունքի վայրեր մուտքի հնարաւորութիւնը, կրօնական եւ էթնիք փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանումը եւ այլ թեմաներ։
Համաժողովի նպատակն է մէկ վայրի մէջ համախմբել տարբեր երկիրներէ ժամանած կրօնական առաջնորդներ եւ առաջատար գիտնականներ ու փորձագէտների՝ համաշխարհային հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանութեան մասին քննարկումներուն մասնակցելու։ Համաժողովի նպատակն է նաեւ մշակել միջազգային կրօնական ազատութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ առաջարկութիւններ, որոնք կրնան լայնօրէն կիրառուիլ հետագային:
![]()