Ռուսիոյ նախագահի թեկնածու եւ պետութեան գործող ղեկավար Վլատիմիր Փութինը 2024 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն առաջատարն է` արձանագրութիւններու 99,43 տոկոսի մշակման արդիւնքներով հաւաքելով ձայներու 87,32 տոկոսը։
Տուեալները հրապարակած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի պաշտօնական կայքը։
Երկրորդ տեղը զբաղցուցած է Ռուսիոյ Դաշնութաեն Համայնավար կուսակցութեան թեկնածու Նիքոլայ Խարիթոնովը, որ հաւաքած է ձայներու 4,32%-ը։
Նոր ժողովրդական կուսակցութեան թեկնածու Վլատիսլաւ Տավանքովը հաւաքած է ձայներու 3,79%-ը։
Չորրորդ տեղը գրաւած է LDPR-ի թեկնածու Լեոնիտ Սլուցքին է՝ ձայներու 3,19%-ով։
Քուէարկութիւնը կատարուած է երեք օրուան ընթացքին՝ մարտ 15-ին, 16-ին եւ 17-ին: