Թուրքիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Թանժու Պիլկիչը դեսպան նշանակուած է Ռուսիոյ մէջ: Տեղեկութիւնը յայտնած է «Anadolu» պետական գործակալութիւնը՝ յղում ընելով դիւանագիտական աղբիւրներուն:
Ըստ տեղեկութիւններու՝ ԱԳ նախարար Հաքան Ֆիտանը դիւանագէտներուն տեղեկացուցած է նոր նշանակումներու մասին եւ յաջողութիւն մաղթած: Ըստ այդմ՝ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար եւ տեղեկատւութեան վարչութեան գլխաւոր տնօրէն Պիլկիչը նշանակուած է Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան։