image

Ռուսիան եւ Հիւսիսային Քորէան պայմանաւորուած են ամրապնդել ռազմավարական երկխօսութիւնը

Ռուսիան եւ Հիւսիսային Քորէան պայմանաւորուած են ամրապնդել ռազմավարական երկխօսութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը Վոնսան քաղաքին մէջ հանդիպած է Հիւսիսային Քորէայի իր գործընկերոջ հետ:

Կողմերը պայմանաւորուած են ամրապնդել ռազմավարական երկխօսութիւնը, զարգացնել յարաբերութիւնները տարբեր ոլորտներու մէջ, այդ շարքին՝ զբօսաշրջութեան բնագաւառի մէջ: Ռուսիան եւ Հիւսիսային Քորէան մտադիր են նաեւ վերսկսիլ ծովային հաղորդակցութիւնը։

Սերկէյ Լաւրովը շնորհակալութիւն յայտնած է, որ Փհենեանն աւելի վաղ հիւսիսքորուացի զինվորականներ ուղարկած էր Քուրսքի մարզին մէջ կռիւներուն մասնակցելու համար:

«Ուքրանիոյ մէջ յատուկ ռազմական գործողութեան շրջածիրէն ներս Ռուսիոյ հետագայ օգնութեան հարցը պիտի որոշէ անձամբ Քիմ Չեն Ընը: Մոսկուան պիտի արձագանգէ նման օգնութեան ձեւաչափի եւ ուղղութիւններու մասին առաջարկներուն»,- աւելցուցած է ռուս դիւանագէտը։