image

Ռուսիա պատրաստ է միջնորդութեան

Ռուսիա պատրաստ է միջնորդութեան

Մոսկուան պատրաստ է հարթակ տրամադրելու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողանի հանդիպման համար, եթէ կողմերը փոխադարձ ցանկութիւն յայտնեն։ Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենթեւ։

«Նման հանդիպումը բացառիկ կարեւոր նշանակութիւն ունի, սակայն այն պէտք է համապատասխան ձեւով նախապատրաստուի, ատոր համար որոշակի պայմաններ պէտք է հասուննան», – նշած է Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչը։

Ինչպէս ընդգծած է Լաւրենթեւ, կարեւոր է, որ այդ հանդիպման արդիւնքները ճիշդ ազդակներ ուղարկեն հակամարտութեան բոլոր կողմերուն, որպէսզի այն նպաստէ սուրիական կարգաւորման։

Աւելի վաղ Էրտողան յայտարարած էր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հնարաւոր հանդիպման մասին։ Անկէ ետք կառավարական շրջանակներուն մօտ կանգնած՝ «Hürriyet» թրքական թերթի սիւնակագիր Ապտուլքատիր Սելվին յայտնած էր, որ նախագահներու հանդիպումը կրնայ կայանալ Ռուսիոյ մէջ՝ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ։