image

Ռուսերը մտադիր են աւելցնել բանակի պահեստազօրի թիւը

Ռուսերը մտադիր են աւելցնել բանակի պահեստազօրի թիւը

Ռուսաստանի Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը որոշում կայացուցած է աւելցնել ռուսական բանակի մէջ պահեստազօրի թիւը: Այս մասին հաղորդած են ռազմական գերատեսչութենէն:

«Այս պահուն որոշում կը կայացուի աւելցնել պահեստազօրի թիւը», - ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Թէ որքանով կ'աւելնայ անոնց թիւը, դեռ յստակեցուած չէ:

Պահեստազօրի զինծառայողները ՌԴ Զինուած ուժերու ուսումնական աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են 2016 թուականէն: