image

Ռուսերն ու ուքրանացիները մէկ ժողովուրդ են. այսօր տեղի կ՚ունենայ քաղաքացիական պատերազմ՝ եղբայրներու միջեւ. Փութին

Ռուսերն ու ուքրանացիները մէկ ժողովուրդ են. այսօր տեղի կ՚ունենայ քաղաքացիական պատերազմ՝ եղբայրներու միջեւ. Փութին

Ռուսերն ու ուքրանացիները ըստ էութեան մէկ ժողովուրդ են, եւ այն, ինչ այսօր տեղի կ՚ունենայ ահռելի ողբերգութիւն է, որ նման է եղբայրներու միջեւ քաղաքացիական պատերազմի։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը ուղիղ կապով քաղաքացիներու հետ շփման ժամանակ: 

Անոր խօսքով՝ ամբողջ սեւծովեան տարածքները ռուս-թրքական պատերազմէն ետք անցած են Ռուսիոյ:

«Խրիմը եւ ամբողջ սեւծովեան տարածաշրջանը Ռուսիոյ անցած են Թուրքիոյ հետ Ռուսիոյ պատերազմներու հետեւանքով։ Ի՞նչ կապ ունի Ուքրանիան անոնց հետ։ Օտեսան ընդհանրապէս ռուսական քաղաք է։ Մենք գիտենք այս մասին։ Եւ բոլորը գիտեն այդ մասին»,-ըսած է Փութին:

Անոր խօսքով՝ Ռուսիան պատրաստ էր հաշտուելու պատմական տարածքներու կորուստի հետ, սակայն Արեւմուտքի եւ Քիեւի քաղաքականութիւնը Մոսկուային ստիպած է հակաքայլերու դիմել։