image

Ռուսաստանը փակեց իր ներկայացուցչութիւնը «ՆԱԹՕ»ի մօտ

Ռուսաստանը փակեց իր ներկայացուցչութիւնը «ՆԱԹՕ»ի մօտ

Ռուսաստանը կը դադրեցնէ ՆԱԹՕ-ի մէջ իր ներկայացչութեան աշխատանքը։ Այդ մասին յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով։

Ռուսաստանեան դիւանագիտութեան ղեկավարին խօսքով՝ Մոսկուան այս քայլին կը դիմէ՝ 6 Հոկտեմբերին Հիւսիսատլանտեան դաշինքին կողմէ կայացուած որոշման ի պատասխան, որու համաձայն՝ ՆԱԹՕ-ի մէջ Ռուսաստանի լիազոր ներկայացչութեան մէջ աշխատող 8 դիւանագէտներ զրկուած էին հաւատարմագրերէն։

«ՆԱԹՕ-ի գործողութիւններուն ի պատասխան, մենք կը դադրեցնենք մեր մշտական ներկայացչութեան, այդ շարքին՝ Գլխաւոր ռազմական ներկայացուցիչին գործունէութիւնը։ Կը դադրեցնենք նաեւ Մոսկուայի մէջ տեղակայուած ՆԱԹՕ-ի ռազմական կապի առաքելութեան աշխատանքը։ Անոր աշխատակիցներուն հաւատարմագրերը ետ կը կանչուին Նոյեմբեր 1-էն», յայտնած է Լաւրով։