Ռուսաստանն ու Իրանը պէտք է որոշեն իրենց դիրքորոշումները Սուրիոյ հարցով: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։
Ան յիշեցուցած է, որ Սուրիոյ հարցով Ասթանայի ձեւաչափով Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու գագաթաժողովին հանդիպած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
«Կրնամ վստահօրէն ըսել, որ դրական հանդիպում էր։ Ի հարկէ, պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած բացասական պայմաններ եւ մեր միջեւ որոշակի տարաձայնութիւններ կան։ Սակայն մենք չենք բաժներ միջազգային տեսակէտը «Ս-400»-ի վերաբերեալ։ Հակառակը, մենք ըրինք այն, ինչին կը հաւատայինք։ Մենք մեր երկկողմ յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ պէտք է պահպանենք փոխադարձ շահերու հիման վրայ եւ զարգացնենք զանոնք հնարաւոր ուղղութիւններով։ Ուստի Ասթանայի ձեւաչափի գագաթաժողովի շրջածիրէն ներս մենք պարոն Փութինի եւ պարոն Ռայիսիի (Իրանի նախագահ) հետ մանրամասն քննարկած ենք սուրիական հակամարտութեան տարբեր երեսները»,-ըսած է ան։
Անոր խօսքով՝ ինքը կարեւոր կը համարէ գործընթացի շարունակումը ու երկիրներու միջեւ համակարգումը սուրիական խնդրի քաղաքական կարգաւորման համար։ «Սուրիան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու բոյն դարձած է. Ուստի ե՛ւ Ռուսիան, ե՛ւ Իրանը պէտք է որոշեն իրենց դիրքորոշումները Սուրիոյ հարցով»,-ըսած է ան։