image

Ռուսաստանի դէմ նոր պատիժները ընթացք կ՚առնեն 21 յուլիսին

Ռուսաստանի դէմ նոր պատիժները ընթացք կ՚առնեն  21 յուլիսին

Եւրոպական միութեան՝ Ռուսիոյ նկատմամբ պատժամիջոցները պիտի համաձայնեցուին 21 յուլիսին, որմէ ետք պիտի հրապարակուին պաշտօնական ամսագրին մէջ եւ ուժի մէջ պիտի մտնեն:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոստի»-ին,  այս մասին յայտնած է Չեխիոյ պատուիրակութիւնը, որ ներկայիս կը նախագահէ Եւրոպական Միութիւնը:

Եւրոպական Միութեան մշտական ներկայացուցիչները 20 յուլիսին կայացած նիստին հաստատած են Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները: Եօթներորդ փաթեթին մէջ ներառուած է  Ռուսիայէն ոսկիի ներմուծման արգելքը:

Աւելի վաղ Եւրոպական յանձնաժողովը տեղեկացուցած էր Ռուսիոյ դէմ նոր միջոցներու նախապատրաստման մասին, որոնք, ի թիւս այլ բաներու, կը ներառեն նաեւ ռուսական ոսկիի ներկրման արգելքը։ ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելն ալ առաջարկած է ընդլայնել այն անձանց եւ ընկերութիւններու ցուցակները, որոնք ենթակայ են ԵՄ սահմանափակումներու: