Ռուս պաշտօնեան յայտարարեց, որ Խրիմը պիտի միանայ Տոնպասի շրջանին ցամաքային ճանապարհով, որ կ'անցնի Ուքրանիոյ տարածքով:
Ռուսաստանի նախագահութեան մէջ Խրիմի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Գէորգի Մուրատով բացատրած է, որ այս ճանապարհը Խորհրդային Միութեան ժամանակ օգտագործուած է Խրիմի Եւփաթորիա քաղաքէն տնտեսական ապրանքներ տեղափոխելու համար Տոնեցք քաղաք` Տոնպասի մայրաքաղաք:
Ան շարունակած է. «Այժմ, մինչ Տոնեցքի ուժերը ռուսական ուժերու օգնութեամբ կը շարունակեն ազատագրել նահանգը ուքրանական ուժերու վերահսկողութենէն... այն կրնայ օգտագործուիլ մարդասիրական ապրանքներ տեղափոխելու համար Տոնեցքի Հանրապետութեան ազատագրուած քաղաքներ եւ քաղաքներ»:
Ուքրանիոյ վարչակարգը փակած էր Խրիմը Ռուսաստանի այլ շրջաններու հետ կապող բոլոր ուքրանական ճանապարհները: