image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսական ուժեր հերթապահութիւն կատարած են Ասկերանի մէջ

Ռուսական ուժեր հերթապահութիւն կատարած են Ասկերանի մէջ

Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի զինուորականները շարժական հերթապահ խումբերու կազմին մէջ բազմաքիլոմեթրանոց երթ իրականացուցած են՝ անցնելով ընդհանուր օգտագործման դժուարանցանելի ճանապարհներով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

Հերթապահութեան ընթացքին կողմերու սահմանազատման գիծի երկայնքով խաղաղապահները հրադադարի պահպանման վերահսկողութիւն իրականացուցած են, ինչպէս նաեւ հարցում իրականացուցած են բնակիչներու շրջանին մէջ:

«Այսօր մենք վըժերահսկողութիւն կ'իրականացնենք Ասկերանի շրջանին մէջ՝ կողմերուն միջեւ սահմանազատման գիծի երկայնքով, կը վերահսկենք իրավիճակը՝ անվտանգութեան ապահովման ծիրին մէջ: Երբեմն կանգառներ կ'ընենք համայնքներուն մէջ, կը շփուինք տեղի բնակիչներուն հետ խաղաղութեան համաձայնագրի խախտումներու թեմայով», ըսած է խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչ Անտրէյ Քասյանովը: