image

Ռուս խաղաղապահները վստահեցուցած են, որ ատրպէյճանեան բեռը Արցախ պիտի չմտնէ

Ռուս խաղաղապահները վստահեցուցած են, որ ատրպէյճանեան բեռը Արցախ պիտի չմտնէ

Ասկերանի վարչակազմի ղեկավար Հրայր Ապրեսեանը հանդիպած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչներէն մէկու հետ, որ այս պահուն կը գտնուի ատրպէյճանցիներու մօտ։ Այս մասին, 29 օգոստոսի գիշեր, իր դիմատետրեան էջին գրած է Արցախի տեղեկատուական շտաբի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանը, որ հարիւրաւոր արցախցիներու հետ Ակնա- Ստեփանակերտ ճանապարհի մօտ է:

«Ռուս խաղապահների ներկայացուցիչը հաւաստիացրել է Հ. Ապրեսեանին, որ ոչ մի դէպքում թոյլ չեն տալու ադրբեջանցիներին առաջ շարժուել։

Մենք մնում ենք այստեղ։

Այս պահին վրան ենք տեղադրում»,- գրած է ան։

Նշենք, որ հարիւրաւոր արցախցիներ հաւաքուած են Ակնա-Ստեփանակերտ ճանապարհին՝ թոյլ չտալու ատրպէյճանական բեռերու մուտքը: Իշխանութիւնը եւս յայտարարած է, որ որեւէ պայմանաւորուածութիւն չկայ բեռերը ընդունելու վերաբերեալ: