Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուսաստանցի խաղաղապահները գալիք տօներուն կապակցութեամբ 8 հազար նուէր բաժնած են երեխաներուն:
«Յառաջիկայ Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի կապակցութեամբ ռուսաստանցի խաղաղապահները շնորհաւորած են երեխաները եւ 8 հազար նուէր բաժնած ենլ», կ'ըսուի Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Նախարարութեան փոխանցմամբ, «Մարդասիրական արձագանգման կեդրոնը» մօտ 9 թոն մարդասիրական օգնութիւն բաժնած եւ տարբեր ձեւերով սատարած է փախստականներուն ու կարիքաւորներուն: