Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) կոչ ըրած է ՀՀ իշխանութիւններուն թոյլ չտալու 8-րդ դասարանի պատմութեան դասագիրքի օգտագործումը դպրոցներուն մէջ։
Այս մասին կը տեղեկանանք ԱԳՆ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
ՌԴ ԱԳՆ ուշադրութիւն հրաւիրած է «8-րդ դասարանի հայկական դպրոցներու պատմութեան դասագիրքի չափազանց կասկածելի բովանդակութեան վրայ», որու բովանդակութիւնը հրապարակուած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան ենթակայութեան պաշտօնական կայքին։
«Նոր ձեռնարկի գլուխներէն մէկուն մէջ՝ «Արեւելեան Հայաստանի բռնի միացումը Ռուսիոյ» սադրիչ վերնագիրի ներքոյ, խեղաթիւրուած են ներկայացուած 18-րդ դարու վերջի-19-րդ դարու սկիզբի Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները։
Մասնաւորապէս, վերանայման ենթակայ են 1826-1828 թուականներու ռուս-պարսկական պատերազմի արդիւնքներու գնահատականները։
Կասկածի տակ դնել ռուսական կայսրութեան, ԽՍՀՄ-ի եւ Ռուսիոյ յատուկ դերը ներկայ Հայաստանի ձեւաւորման գործին մէջ, կը նշանակէ դէմ երթալ յայտնի փաստերուն։ Սա մեր ընդհանուր պատմութիւնը վերաշարադրելու հերթական անամօթ փորձ է»,- ըսուած է ՌԴ ԱԳՆ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
«Յոյս ունինք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները թոյլ չեն տար, որ նման դասագիրք տեղափոխուի դպրոցներ, ինչպէս նաեւ աչք չեն փակեր մեր ընդհանուր անցեալը խեղաթիւրելու նման անարատ փորձերուն վրայ»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։