image

Ռուբինեան հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահին հետ

Ռուբինեան հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահին հետ

Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ, Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան 10 սեպտեմբերին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ԱՄՆ նորանշանակ համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրը:

Ռուբէն Ռուբինեան զրուցակցին ներկայացուցած է Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացի ներկայ վիճակը, անդրադարձած այս առնչութեամբ Հայաստանի դիրքորոշումներուն:

Ընդգծուած է յատուկ ներկայացուցիչներու վերջին հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու շուտափոյթ իրագործման կարեւորութիւնը: