Ատրպէյճանի դատախազութիւնը Պաքուի դատարան ուղարկած է Արցախի նախկին պետնախարար, գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ յարուցուած քրէական գործը:
Գործը բաղկացած է 16 յօդուածներէ, որոնք կը պարունակեն ամէն ինչ՝ «յարձակողական պատերազմի ծրագրումէն եւ վարումէն» մինչեւ «ահաբեկչութիւն եւ ատոր ֆինանսաւորում»:
Ատրպէյճանի մէջ աւելի քան մէկ տարի կալանքի տակ գտնուող Վարդանեանը մեկուսացած է իր ընտանիքի կողմէ վարձուած միջազգային փաստաբաններէն, անոր չեն կրնար տեսակցիլ «անկախ բժիշկները»: Վերջին կէս տարուան ընթացքին ան անթիւ նամակներ ուղարկած է, բայց ատոնցմէ ոչ մէկը հասցէատիրոջը հասած է։
Աւելի վաղ Վարդանեան- կրտսերը հաստատած էր, որ իր հօրը 45 մեղադրանք ներկայացուած է Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի 20 յօդուածներով: Սա ատրպէյճաներէն լեզուով 25 հազար էջանոց քրէական գործ է, որ անոր բանաւոր կը թարգմանէ քննիչի եւ դատախազութեան կողմէ նշանակուած թարգմանիչը։ Անոր խօսքով՝ սա հին ռազմավարութիւն է, որ ուղղուած է «մեղադրեալը խեղդելուն»։