image

Ռուբէն Վարդանեանի բողոքը մերժուած է

Ռուբէն Վարդանեանի բողոքը մերժուած է

Ատրպէյճանական դատարանը չէ բաւարարած Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի բողոքը։

Ինչպէս յայտնած է Trend-ը, Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբան Աֆեթ Կազիեւան վերաքննիչ բողոք ներկայացուցած է անոր նկատմամբ խափանման միջոցը կալանք ընտրելու վերաբերեալ որոշման դէմ: Բողոքը քննարկած է Պաքուի վերաքննիչ դատարանը՝ դատաւոր Կապիլ Մամետովի նախագահութեամբ։ Դատարանը չէ բաւարարած բողոքը՝ հիմնաւորուած համարելով առաջին ատեանի դատարանի որոշումը։

Յիշեցնենք, որ Ռուբէն Վարդանեանը ապօրինի բերման ենթարկուած է, տարուած Պաքու, ապա ձերբակալուած՝ բացառապէս ԼՂՀ-ի մէջ պաշտօն զբաղցնելու պատճառաբանութեամբ։