ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 44-օրեայ պատերազմէն առաջ տեղեակ եղած է, որ իրավիճակը սպառնալի է` հաշուի առնելով իր փորձն ու վերլուծելով ստացուող պաշտօնական տեղեկութիւնները։ ՀՀ Ազգային Ժողովի 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներն ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի 1 օգոստոսի նիստին յայտարարած է պաշտպանութեան նախկին նախարարը։
«Իրավիճակը գնահատւում էր սպառնալի, բայց ռազմական գործողութիւնների սկսելու օրը որեւիցէ մէկին յայտնի չի եղել»,– նշած է Տօնոյեան։
Յանձնաժողովը խնդրեց մանրամասն նշել, թէ Տօնոյեանը ուր գտնուած է 2020 թուականի սեպտեմբեր 25-27–ն ինկած ժամանակահատուածին, երբ ու ինչպէս տեղեկացած է պատերազմի մասին։ Ան յիշեցուցած է, որ 2020 թուականի սեպտեմբեր 25-ին գործուղուած է Ռուսիոյ Դաշնութիւն` զօրավարժութիւններու։ Մինչեւ սեպտեմբեր 26-ի երեկոյեան եղած է Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕ–ի անդամ երկիրներէն մէկուն մէջ` կրկին գործուղման` սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերու մատակարարումներու կազմակերպման նպատակով։ Տօնոյեան աւելցուցած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային փակ նիստի ընթացքին կրնայ առաւել պարզաբանել այս հարցը։
«Սեպտեմբերի 26-ի երեկոյից մինչեւ պատերազմի սկիզբը գտնուել եմ օդանաւում։ Շարունակում էի իմ գործուղումը դէպի Կեդրոնական Ասիայի երկրներից մէկը`վայրէջքով, որտեղից պէտք է միանային մարդիկ` բանակցութիւններին մասնակցելու, ընդ որում` էլի ՀԱՊԿ անդամ երկրի, որտեղ պէտք է շարունակուէին իմ բանակցութիւնները սպառազինութիւնների եւ ռազմական տեխնիկայի ձեռքբերումների հետ կապուած։ Վայրէջքի պահին` սեպտեմբերի 27-ի առաւօտեան, անմիջապէս տեղեկացուել եմ Գլխաւոր Շտապի պետի կողմից պատերազմի մասին։ Դրանից յետոյ խօսել եմ նաեւ ՀՀ վարչապետի հետ»,– ներկայացուցած է Տօնոյեան։
«Գլխաւոր շտաբն արդէն սկսել էր իր աշխատանքը։ Վերադառնալուց անմիջապէս յետոյ համապատասխան հրամանատարական կէտում անցկացրել եմ խորհրդակցութիւն, տրուել են համապատասխան յանձնարարութիւններ, լսել եմ զեկոյցներ, որից յետոյ անցել եմ իմ պարտականութիւնների կատարմանը` ըստ վարչապետի յանձնարարութեանը»,– ըսած է Տօնոյեան։
Անոր խօսքով` հաշուի առնելով քորոնա ժահրի իրավիճակով պայմանաւորուած թռիչքային սահմանափակումները` կրցած է 2-3 ժամ ետք «օդանաւ հայթայթել»։ Հայաստան վերադարձած է Վրաստանով, Երեւան հասած էր արդէն սեպտեմբեր 28-ի առաւօտեան` ժամը 4-ին, որմէ ետք վարչապետէն թոյլտւութիւն ստացած է մեկնելու մարտական գործողութիւններու իրականացման վայր։
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ իր պաշտօնավարման ընթացքին ի՞նչ ըրած է ինք ի պաշտօնէ պատերազմը կանխելու համար, Տօնոյեան նշած է, որ պաշտպանական քաղաքականութիւնը ձեւակերպուած է մի քանի փաստաթուղթերով։ Մասնաւորապէս, խօսքը կառավարութեան երկու որոշումներն են` 2018 եւ 2019 թուականներուն ընդունուած։
«2018 թուականի կառավարութեան որոշումը կարելի է կոալիցիոն կառավարութեան ծրագիր կոչել»,– նկատած է Տօնոյեան։
Պաշտպանական գերատեսչութեան նախկին ղեկավարը մէջբերումներ ըրած է երկրորդ փաստաթուղթէն` 2019-2023 թուականներուն գործունէութեան միջոցառումներու ծրագրէն։ Փաստաթուղթն ունի պաշտպանութեան նախարարութեան վերաբերող հատուած, որուն մէջ շեշտուած է զսպման ուժերու եւ միջոցներու զարգացում, զօրքերու մարտական կարողութիւններու բարձրացում։
«Այն ներառում է`աւելացնել հրթիռային զօրքերի եւ հրետանու կրակային եւ հարուածային հնարաւորութիւնները, զինուժը համալրել բազմագործառնական ավիացիոն համալիրներով, խօսքը Սու–30-ների մասին է, եւ ԱԹՍ–ներով, բարձրացնել օդային յարձակման միջոցների պաշտպանուածութեան մակարդակը եւ կատարելագործել վաղ յայտնաբերման համակարգը»,– ընթերցած է Տօնոյեան։
Ան խօսած է նաեւ սպառազինութեան, զինուժի զարգացման ծրագրերու մասին`շեշտելով, որ ինքը պատասխանատու եղած է այս հարցերով։