Վերլուծական բարձր ունակութիւններ ունեցող լրագրողը, որուն խօսքին կշիռը նուաճած է կարեւորւ բարձունքներ կարողացած է ոսկեայ տառերով իր անունը փորագրել ոչ միայն Լիբանանի, այլ ողջ արաբական աշխարհի լրատուական ոլորտին մէջ եւ անոր մեծագոյն ղնորհը եղած է արժանահաւատութիւնն ու ընդդիմախօսները յարգելու եւ չթերագնահատելու մեծ արժանիքը։
Անոր կորուստով կարեւոր աստղ մը կը մարի արաբական աշխարհի մամուլի աշխարհին մէջ մեծ աստղերու տեղ տուած այսօր սակայն վիրաւոր համարուող Լիբանանի լրագրական-վերլուծական ոլորտին մէջ։
Օրերս Լիբանանի լրատուական միջոցները կը սգան լրագրող, յօդուածագիր՝ Ռաժէհ Ալ Խուրիի մահը, որ պատահած է երկար հիւանդութենէ ետք:
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ «Ալ Շարք Ալ Աուսաթ» կայքէն:
Ըստ աղբիւրին, մահուան բօթը ցնցած է Լիբանանի համալսարանի լրագրողական ճիւղի ուսանողները, լրագրողին գործընկերները, ինչպէս նաեւ քաղաքական գործիչները, որոնք բնութագրած են անոր բացակայութիւնը, որպէս մեծ կորուստ Լիբանանի լրագրողական աշխարհի ինքնատպութեան եւ համարձակ խօսքին:
Իր կարգին՝ լրագրող, նախկին նախարար՝ Մէյ Շըտիաք բնութագրած է Խուրին, որպէս «սթափ վերլուծաբանը, ազատ խօսքի տէրը, հայրենիքին ինքնիշխանութեան խիզախ պաշտպանը ու թունդ հայրենասէրը, իրազեկը զանազան տեսակի փաստաթուղթերու»։
Ինչ կը վերաբերի Մամլոյ խմբագիրներու արհմիութեան, այդ մարմինը մասնաւորապէս գրած է, որ Ռաժէհ Ալ Խուրի «իր արհեստի վարպետն էր, եւ ան եղած էր ոլորտի նշանաւոր դէմքերէն մէկը»։ Միւս կողմէ թուիթըրեան էջով՝ լրագրող Եումնա Շըրի նշած է, որ Ռաժէհ Ալ Խուրին շտապ օգնութեան ինքնաշարժին մէջ եղած ատեն, խնդրած է, որ իր վերջին յօդուածը ուղարկեն «Ալ Նահար» թերթին, որուն հետ կ'աշխատակցէր ինչպէս նաեւ «Ալ Շարք Ալ Աուսաթ»-ին։
Լիբանանի հարաւի զաւակ՝ Ալ Խուրի, աշխատակցած է մեծ թիւով լրատուական հաստատութիւններու ինչպիսին են «Ալ Աամալ», «Ալ Հաուատէս», «Ալ Հայաթ», «Նիտա Ալ Ուաթան» եւ «Ալ-Նահար»: Ան Լիբանանի համալսարանի Լրագրողական ճիւղի դասախօս էր