Օրերս ուրախ լուր ստացանք Միացեալ Նահանգներէն։
Մեր հայրենակից Ռաֆֆի Ցնծալեան ստացած է Գալիֆորնիոյ «Լա Վերն» համալսարանի յատուկ մրցանակը Spirit of La Verne ընդհանուր խորագիրը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն։
Կը նշուի նաեւ, որ ամենամեայ դրութեամբ համալսարանին իր նախկին ուսանողներուն շնորհուած մրցանակի ծիրէն ներս Ցնծալեանին այս մրցանակը առաջադրուած է ՝ «Լիւտվիկ» կեդրոնի կողմանէ եւ այն եղած է «հոգեւոր, մշակութային փոխըմբռնման եւ համայնքի գործունէութեան մէջ նրգրաւուելուն համար» անուանակարգէն ներս։
Այս ուրախ առթիւ մենք եւս մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք մեր հայրենակիցին։
Յիշեցնենք, որ ազգային բարձր գիտակցութեան տէր Ցնծալեան, որ եղած է ՀԲԸՄ Մելգոնեան դարաւոր վարժարանի սաներէն երկար ժամանակ պայքար տարած է այդ վարժարանի վերաբացման համար։