Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ լուռ աշխատանքը Սփիւռքի ու մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ Քարիթասի միջոցաւ «մեծ շքանշան մըն է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար», ըսաւ ի միջի այլոց դեսպան Արիսեանը։
Հինգշաբթի, 23 Յունիս 2022ին Տոքթ. Նորա Արիսեանը Հ.Հ. մօտ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը, այցելութիւն տուաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէր` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ին որ այս օրերուս կը գտնուի Հայաստան։
Երեւանի Քանաքէրի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ նորանշանակ Առաքելական Կառավարիչ` Գերապատիւ Հայր Միքայէլ Վրդ Պասսալէ եւ Գերյ. Հայր Յովսէփ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանը։
Ընտանեկան մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց հայազգի դուստր Նորա Արիսեանին` ՀՀ մօտ Սուրիոյ դեսպան նշանակումին համար, Անոր մաղթելով բարի եւ պտղաբեր աշխատանք։
Մեծարգոյ դեսպանը իր կարգին շեշտը դրաւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կարեւոր առաքելութեան վրայ ու անոր բերած հայկական գաղութներու բարգաւաճման ի խնդիր նպաստին վրայ, ըլլայ մայր հայրենիքին մէջ ըլլայ սփիւռքին մէջ, ընդգծելով մասնաւորապէս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ աշխատանքի լռելեան ու նուիրական յատկութիւնը։
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ լուռ աշխատանքը Սփիւռքի ու մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ Քարիթասի միջոցաւ «մեծ շքանշան մըն է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար», ըսաւ ի միջի այլոց դեսպան Արիսեանը։
Լուրը` "Վատիկան Նիւզ"էն։