Նոյնիսկ եթէ Նեթանիահուի դաշինքը հասնի Քնեսեթի 61 պատգամաւորի, ինչպէս գիտենք, այնուամենայնիւ հնարաւոր չէ Իսրայէլը կառավարել 61 Քնեսէթի անդամներով:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները մեկնաբանած են կառավարութեան որոշումը` ցրելու խորհրդարանը (Քնեսէթը) եւ արտահերթ ընտրութիւններ կայացնել յաջորդ շաբթուայ քուէարկութենէն յետոյ:
«12-րդ ալիք»ի քաղաքական վերլուծաբան Ամնոն Ապրոմովիչը ըսած է. «Ներկայիս ընտրութիւններով մենք գործնականօրէն քայլ առ քայլ կը քանդենք Իսրայէլը»:
Ապրամովիչը շարունակեց. «Երբ մենք կը խօսինք ընտրութեան մեթոտի փոփոխութեան մասին, մենք կը խօսինք ոչ թէ տեխնիկական կամ ռազմավարական առումով, այլ՝ անկէ աւելի անդին: Մենք 4 փուլով էինք եւ կ'անցնինք 5-րդ փուլ», նշելով որ «կայ կարգախօս, որ կ'ըսէ՝ եթէ դարձեալ փորձես նոյն բանը եւ այլ արդիւնք կ'ակնկալես, այդ մէկը պիտի չպատահի»:
Ապրոմովիչի խօսքով` «նոյնիսկ եթէ Նեթանիահուի դաշինքը հասնի Քնեսեթի 61 պատգամաւորի, ինչպէս գիտենք, այնուամենայնիւ հնարաւոր չէ Իսրայէլը կառավարել 61 Քնեսէթի անդամներով»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները մէջբերած են նախկին վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի խօսքերը, որ ողջունած է «կառավարութեան լուծարումը»` ըսելով. «Այս երեկոն հիանալի լուրեր բերած է իսրայէլացիներուն համար: Մենք պիտի ձեւաւորենք լայն կառավարութիւն` Լիքուտի գլխաւորութեամբ»:
Միեւնոյն ժամանակ, «12-րդ ալիք»ի քաղաքական հարցերու մեկնաբան Ամիթ Սէկելը ըսած է. «Վերջին բանը, որ հիմա Իսրայէլին պէտք էր, 4 ամիս եւ 5 օր տեւողութեամբ ընտրական պայքար էր, եւ այդ շատ երկար պայքար է, ամենաերկարը այստեղ առնուազն 15 տարուայ ընթացքին», նկատել տալով որ «սա լաւ չէ այս տնտեսական ճգնաժամին մէջ, որմէ կը տառապինք մենք բոլորս»: