Հայաստանի մէջ «Քովիտ»ով վարակուելու 2074 նոր դէպք գրանցուած է, վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 300.143 դէպքի:
Ընդհանուր քննութիւններու թիւը կը կազմէ 2.032.310, վերջին մէկ օրուան մէջ` 13.696 նոր քննութիւն:
Փաստացի այս պահին կը բուժուի 29.007 հիւանդ:
Վերջին տուեալներով ապաքինած է 263.716 անձ, վերջին մէկ օրուան մէջ՝ 714 անձ:
Մէկ օրուայ մէջ «Քովիտ»ի հետեւանքով մահացած է 39 քաղաքացի, մահացածներու թիւը 6151 է:
Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 6 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է վարակը, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով: Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 1269 է: