Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստորագրած է կառավարութեան որոշում, ըստ որու՝ «Քովիտ» հիւանդութեամբ (COVID-19) պայմանաւորուած Արցախի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին սահմանուած է կարանտին՝ 2021 թուականի Նոյեմբեր 24-ի ժամը 17:00-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 24-ի ժամը 17:00-ը:
Կարանտինի կատարման համակարգումը վերապահուած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեկլարեանին: