image

ՔԿ նախագահը հանդիպած է 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայողներու ծնողներուն

ՔԿ նախագահը հանդիպած է 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայողներու ծնողներուն

ՀՀ քննչական կոմիտէի նախագահ Ա․ Քեարամեանն ընդունած է 2020 թուականի արցախեան պատերազմին զոհուած զինծառայողներու խումբ մը ծնողներ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ քննչական կոմիտէէն:

Հանդիպման քննարկուած են Քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան վարչութենէն ներս՝ պատերազմական գործողութիւններու տարբեր դրուագներով քննուող քրէական գործերու նախաքննութեան ընթացքին վերաբերող հարցեր:

Շուրջ 30 ծնողի մասնակցութեամբ, աւելի քան երեք ժամ տեւողութեամբ, կայացած հանդիպման ընթացքին Կոմիտէի նախագահը պատասխանած է ծնողներու կողմէ բարձրացուած շարք մը հարցադրումներու եւ պատրաստակամութիւն յայտնած, ըստ անհրաժեշտութեան, շարունակաբար կազմակերպելու համանման հանդիպումներ՝ նախաքննական մարմնի կողմէ իրականացուող համապատասխան աշխատանքներու վերաբերեալ համակողմանի պարզաբանումներ տրամադրելու նկատառումներով: