Փափարացիները հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանն ու անոր երիտասարդ ընկերը` կատակերգու Փիթ Տէյվիտսընը, լուսանկարած են ինքնաշարժին մէջ համբուրուած պահուն, կը գրէ Daily Mail-ը` մանրամասնելով, որ զոյգը վերամիաւորուած է Քարտաշեանի` Մայամի կատարած այցէն յետոյ:
28-ամեայ Տէյվիտսընը ինքնաշարժով գացած է Լոս Անճելըսի օդակայան` սիրելին դիմաւորելու:
Յայտնի է, որ զոյգը կը հանդիպի Հոկտեմբերէն: Վերջերս Քարտաշեան խոստովանած էր, որ Տէյվիտսընը իր պատուին երեք դաջուածք կատարած է: