Քեսապէն բարի լուր ստացանք։
Հայկական աւանի Հայց. Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կը վերանորոգուի։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Քեսապէն։
Կը նշուի, որ նախքան Թուրքիան հարուածած երկրաշարժը, որ նաեւ զգացուած էր Քեսապի մէջ, եկեղեցիին մէջ երեւցած էին որոշակի ճաքեր։ Բան մը, որ դարձած էր գիւղի ազգային մարմիններու մտահոգութեանց առանցք։
Աւելի ուշ կիպրահայ մեր նուիրեալ հայրենակից Սեպուհ Արմենակեան լսելով այդ մասին հաւանութիւն տուած էր հոգալ եկեղեցւոյ վերանորոգման համար նախատեսուած ծախսերուն կարեւոր մէկ մասը։
Ան ներկայացած էր Քեսապ ու 10 հազար ամն տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն կատարելով ապահոված էր վերանորոգման համար պիտանի գումարին կարեւոր մէկ մասը։
Քեսապ հայկական աւանին մէջ տեղի ունեցող վերանորոգման աշխատանքները սովորական նորոգման աշխատանքներ չեն, այլ խթան են գիւղի հայկական դիմագծի պահպանման ու մանաւանդ կը փաստեն, որ հայութիւնը երես չէ թեքած ամէն տեսակի փոթորիկներէ եւ օրհասներէ անցած Քեսապին, որ հակառակ այսօրուայ դժուարին պայմաններուն կը շարունակէ իր դարաւոր երթը։
Վարձքը կատար կ՚ըսենք Քեսապի պատկան մարմիններուն, գիւղի հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ վարդապետ Քիւրիմեանին ու երախտիքի յատուկ խօսք կիպրահայ մեր հայրենակից՝ Տիար Սեպուհ Արմենակեանին, որ ամէնուրեք եւ ամէն տեսակի պայմաններու տակ գործելով միշտ ալ կարեւորած է հայ եկեղեցւոյ դերն ու բարձր առաքելութիւնը։
Այստեղ չմոռնանք յիշել անունը Բերիոյ Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշքարեանին, որուն նուիրական ճիգերով եւ առաջնորդի ցուցմունքներով իր աւարտին պիտի հասնի եկեղեցւոյ վերանորոգման Աստուածահաճոյ աշխատանքը։
Քեսապի շէնշող օրեր ու մեր եկեղեցիներուն ալ հաստատուն ժամանակներ։