image

Քեսապի մէջ. Բարի ապաքինման աղօթք՝ Սուրիոյ Առաջին տիկնոջ՝ Ասմա Ասատի առողջութեան համար

Քեսապի մէջ. Բարի ապաքինման աղօթք՝ Սուրիոյ Առաջին տիկնոջ՝ Ասմա Ասատի առողջութեան համար

Օրերս, Քեսապի Ս. Աստուծածին Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է Սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն  ընթացքին բարի ապաքինման աղօթք մատուցուած է Սուրիոյ Առաջին տիկնոջ՝ Ասմա Ասատի առողջութեան համար։ 

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

Տնօրինութեամբ Բերիոյ Հայոց  Թեմի Բարեջան Առաջնորդ  Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 2 Յունիս 2024֊ին առաւօտեան ժամը 10։00֊ին, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն  ընթացքին բարի ապաքինման աղօթք մատուցուեցաւ Սուրիոյ Առաջին տիկնոջ տիկ. Ասմա Ալ-Ասատի առողջութեան համար։ 

Քեսապի Ս. Աստուծածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչի, թաղականութեան եւ համայն  հաւատացեալները իրենց անկեղծ աղօթքները բարձրացուցին առ Աստուած,  երկրիս Առաջին Տիկնոջ  բարի ապաքինման եւ շուտափոյթ առողջութեան :