Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիսի քաղաքական խումբը հաւաքած է 1 միլիառ տոլար՝ յուլիսի վերջը Հարիսի՝ պաշտօնապէս նախագահական մրցավազք մտնելէն ի վեր, CNN-ին յայտնած են քաջատեղեակ երկու աղբիւրներ:
Աղբիւրը նկատած է, որ Հարիսը հատած է 1 միլիառ տոլարի շեմը չափազանց արագ քայլերով:
«Ակնյայտ է, որ Հարիսը բացարձակապէս աննախադէպ բան ըրած է», -ըսած է ընտրութիւններուն թեկնածուներու դրամահաւաքներուն հետեւող անկուսակցական OpenSecrets խումբի հետազօտական տնօրէն Սառա Պրայնըրը:
Նախագահի թեկնածուներու շտաբները դրամահաւաքի եւ ծախսերու վերաբերեալ ամբողջական մանրամասներ պիտի հաղորդեն Դաշնային ընտրական յանձնաժողովին այս ամսուան վերջը: