ԱՄՆ նախագահի թեկնածուներ Քամալա Հարիսը եւ Տանըլտ Թրամփը սեպտեմբեր 10-ին պիտի մասնակցին ABC-ի եթերին կայանալիք հեռուստաբանավէճին՝ յայտնած է հեռուստաալիքը՝ նշելով, որ նախագահի թեկնածուները հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը:
ԱՄՆ փոխնախագահ, դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հարիսը մասնակցութիւնը հաստատած է նաեւ X-ի իր էջի միջոցաւ։
Աւելի վաղ Ֆլորիտա նահանգի իր Մար-ա-Լակօ կալուածին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ԱՄՆ նախկին նախագահ, հանրապետական թեկնածու Թրամփն առաջարկած էր երեք հեռուստատեսային բանավէճ ունենալ՝ սեպտեմբեր 4-ին, 10-ին եւ 25-ին՝ համապատասխանաբար Fox News, ABC եւ NBC հեռուստաալիքներու եթերով:
Թրամփի խօսքով՝ ժամկէտներն արդէն համաձայնեցուած են հեռուստաընկերութիւններու հետ, սակայն փոխնախագահ Հարիսի խումբը դեռ պէտք է հաստատէ իր մասնակցութիւնը: Fox News-ն ու NBC-ն չեն մեկնաբանած անոր խօսքերը։
Թրամփ նաեւ յայտնած է փոխնախագահի թեկնածուներ Տեյվիտ Վենսի եւ Թիմ Վալցի միջեւ բանավէճ կայացնելու գաղափարի մասին։