Օրերս Պոլսոյ մէջ եւ կարգադրութեամբ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի նշուած է Սուրբ Թէոդորսի տօնը։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» պարբերականի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Ս. Թէոդորոս Լուսաղբիւր Մատրան ուխտի օրը, ամէն տարի տեղի կ'ունենայ Ս. Թէոդորոս Զօրավարի Տօնին։ Այս տարի արարողութիւնները տեղի ունեցան 17 Փետրուար 2024, Շաբաթ առաւօտ, հանդիսապետութեամբ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։ Արարողութեանց մասնակցեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան եւ Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական Փոխանորդ եւ եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպրաց կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրկ. Գէորգ Ուր. Դպ. Չամի։ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի թաղային խորհուրդէն անդամներ եւ ուխտաւորներ եւս ներկայ էին։
Արարողութեան աւարտին քարոզեց Յարութիւն Վարդապետ եւ անդրադարձաւ Ս. Թէոդորոսի հաւատքին։ Իր վարքէն օրինակներ տալով, ըսաւ որ ինք նահատակութիւնը յանձն առած էր Քրիստոնէական անայլայլելի հաւատքով։ Քրիստոս իր առաքեալները խաւար աշխարհին ուղարկած էր որպէս լոյս եւ այս առումով Հայր Սուրբը դիտել տուաւ որ Քրիստոնէական ուսուցումը մեր կեանքին մէջ ընդմիշտ կը յայտնուի զանազան առիթներով։ Հետեւաբար, ինչպէս որ առանց ճակտի քրտինքի եւ աշխատութեան կարելի չէ կանգուն մնալ կեանքի պայքարին մէջ, նոյնպէս ալ մեր հաւատքի մէջ արթուն պէտք է ըլլալ եւ պատրաստ ըլլալ փորձութեանց դէմ հաւատքի լոյսը բարձր պահելու։ Այս առթիւ մաղթեց, որ Ս. Թէոդորոսը բարեխօս ըլլայ բոլոր ուխտաւորաց, որոնք փութացած են Աթոռանիստ Մայր Տաճար։
Քարոզէ յետոյ կազմուած եկեղեցականաց թափօրը շարականներու երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Ս. Թէոդորոս Լուսաղբիւր Մատուռ եւ սուրբի ընծայուած Ս. Սեղանին առջեւ երգուեցաւ սուրբին ընծայուած յատուկ «Մանկունք»ի շարականը։ Ապա, տեղի ունեցաւ խաչահանգիստ եւ վերջին օրհնութեամբ արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ։
Եկեղեցական արարողութենէ յետոյ, Պէզճեան Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան։