image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ մէջ. «Կանանց տօն»ը նշուած է Հրանդ Տինք Վարժարանին մէջ

Պոլսոյ մէջ. «Կանանց տօն»ը նշուած է Հրանդ Տինք Վարժարանին մէջ

Հայաշունչ տարածք եւ Հայաստանի մթնոլորտն ու ոգին՝ Պոլսոյ մէջ։ Շատ առիթներով  այսպէս  է բնութագրուած  Պոլսոյ մէջ (յատուկ  Հայաստանցի սաներու համար) գործող «Հրանդ Տինք» վարժարանը։ 

Նոյն առումով  վարժարանի պատասխանատուներ համոզիչ ճիգեր կը գործադրեն, որ Հայաստանի մթնոլորտ ու գեղեցիկ սովորոյթները փոխանցուին աշակերտներուն ու անոնցմէ ընդմէջէն ալ Հայաստանցի  ծնողներուն ու պոլսահայ մեր հայրենակիցներուն։

Այս ծիրին մէջ, ինչպէս Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»ն կը հաղորդէ օրերս նշուած է 8  Մարտի «Կանանց եւ գեղեցկութեան» օրը եւ այդ մասին ալ կը ներկայացնենք մեր պաշտօնակից պարբերականին կատարած լրատւութիւնը՝

Ըսած ենք արդէն որ 8 Մարտը տարբեր խորհուրդ մը ունի Հայաստանի մէջ, ուր այդ օր կը մեծարուին իգական սեռի ներկայացուցիչները, նաեւ մեկնակէտը կը դրուի «կիներու միամսեակ»ին, որ կը շարունակուի մինչեւ 7 Ապրիլ՝ մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօն։

Երէկ այդ ոգին կը տիրէր Իսթանպուլի «հայաստնաեան ովասիս»ի՝ Կէտիկփաշայի Հրանդ Տինք դպրոցին մէջ։ Ուսուցիչները շոյուած էին. աշակերտները ծաղկեփունջերով իրենց շնորհաւորութիւնը յայտնեցին, ծնողները պատուասիրութիւն սարքեցին, դպրոցի այր ուսուցիչները անակնկալով մը պատուեցին իրենց պաշտօնակիցները։ Կիներու իրաւունքներու պայքարի առաջամարտիկ՝ հայ կինը, մայրը, քոյրը, երիտասարդուհին երէկ շրջապատուեցաւ սիրոյ եւ յարգանքի մթնոլորտի մէջ։