image

Կազմակերպութեամբ՝ Հայաստանի ներկայացուցչութեան. Պոլսոյ մէջ նշուած է Արամ Խաչատուրեանի 120- Ամեակը

 Կազմակերպութեամբ՝  Հայաստանի ներկայացուցչութեան. Պոլսոյ մէջ նշուած է  Արամ Խաչատուրեանի 120- Ամեակը

Պոլսոյ  Հայոց Պատրիարքութեան դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝ 

Աշխարհահռչակ յօրինող Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին առթիւ Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ 23 Նոյեմբեր 2024, Ուրբաթ իրիկուն, Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ համերգասրահին մէջ սարքուեցաւ համերգ մը:

Սրահի մուտքին հրաւիրեալները դիմաւորուեցան մնայուն ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեանի եւ կողակցին կողմէ:

Ներկայ էին Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Կրետէի հայոց տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արքեպս. Պետրոսեան, Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, վեղարաւոր հայրեր եւ քահանաներ, Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան անդամ երկիրներու դիւանագէտները, Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ներկայացուցիչը, դեսպաններու եւ հիւպատոսներու ներկայացուցիչներ, համայնքային մարմիններու ատենապետներ կամ ներկայացուցիչներ, մշակութասէր հասարակութիւն մը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նայիրի Պետրոսեան եւ ներկայացուց նախ ՍԾՏ Համագործակցութեան մէջ Հայաստանի գործունէութիւնը: Ան խօսեցաւ Արամ Խաչատուրեանի մասին, որու ծննդեան 120-ամեակը առիթ եղաւ սոյն համերգին։ Պետրոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ամէն անոնց, որոնք աջակցեցան իրեն: Յուշանուէր յանձնեց Նորին Ամենապատուութեան, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութենէն Այշէ Ուզէրին եւ ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Դեսպան Լազար Քոմանեսքուին եւ Ժամանակ օրաթերթի խմբագիր Արա Գօչունեանին:

Արամ Խաչատուրեանի ուղեւորութեանց մասին  գծաժապաւէնի ցուցադրութենէ ետք սկսաւ երաժշտական յայտագիրը: Ջութակահար Անուշ Նիկողոսեան, դաշնակահար Սօնա Բարսեղեան եւ թաւջութակահար Միքայէլ Նաւասարդեան բացի Արամ Խաչատուրեանէ, Կոմիտաս Վարդապետէ, Առնօ Պապաճանեանէ եւ Յարութիւնեանէ ստեղծագործութիւններով հմայեցին հանդիսականները։ Յայտագրի վերջին երկը եղաւ Խաչատուրեանի այնքան ծանօթ Սուրերու Պարը:

Համերգի աւարտին ներկաներ ծափողջոյններով բարձր գնահատեցին արուեստագէտներն ու բոլոր ձեռնարկը:

Ապա տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը: