image

Պոլսահայ գրականութիւնը ի պատուի. Գնալըի մէջ ներկայացուեցաւ Սեւան Տէյիրմէնճեանի պատրաստած «Կապոտ Երազ» հատորը (Լուսանկար)

Պոլսահայ գրականութիւնը ի պատուի. Գնալըի մէջ ներկայացուեցաւ Սեւան Տէյիրմէնճեանի  պատրաստած  «Կապոտ Երազ» հատորը (Լուսանկար)

 

 Պոլսահայ մտաւորական Սեւան Տէյիրմէնճեանի անունը ծանօթ է ձեզմէ շատերուն։ Վերջին  տարիներուն Տէյիրմենճեան կը գործակցի  Պոլսոյ հայկական «Արաս» հրատարակչատան հետ ու այդ ծիրին մէջ ալ հանրութեան կը հրամցնէ արժէքաւոր հատորներ։

 

 Այս ծիրէն ներս օրերս Պոլսոյ Գնալը կղզիին  վրայ տեղի ունեցած է գինեձօնը՝ «Կապոյտ երազ» վերտառութիւնը ունեցող հատորին, ուր խորհրդանշականօրէն մէկտեղուած են  Պոլսահայ գրականութեան  հանրապետութեան շրջանի տպագրուած այն գործերը, որոնք կը պատմեն  Պոլսոյ ջուրերուն, նաւերուն, կղզիներուն ու անոնց շուրջ   հիւսուած կեանքին մասին։

 

 Ուշագրաւ է նաեւ, որ միջոցառման ներկայ եղած է Պոլսոյ  Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ  Բ. Պատրիարքը, որ այս ալ հեղինակ-խմբագիր՝ Սեւան Տէյիրմէնճեանի բովանդակալից խօսքէն ետք   կարճ պատգամ մը տուած է, իսկ աւարտին ալ տեղի ունեցած է գինեձօն։

 

 Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առթիւ մեր պաշտօնակից ՝ «Ժամանակ»ին տուած  թղթակցութիւնը։

 

 «Արեւելք» 

 

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ ամրան կը շարունակուին մշակութային բազմակողմանի ձեռնարկները։ Այս ծիրէն ներս երէկ երեկոյեան կղզիի բարձունքին ներկայացուեցաւ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած «Կապոյտ երազ» գիրքը, որ հրատարակութեան պատրաստուած էր բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ։ Ձեռնարկը պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

 

Գրասէրներու մասնակցութեամբ, հաճելի մթնոլորտի մը մէջ անցաւ երեկոյթը, որու սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան Նայիրի եւ Նայեադ Քալայլը քոյրերը։ Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց Սեւան Աթաօղլու, որ այս ամրան ձեռնարկներու շարքին կազմակերպութեան ուղղութեամբ աշխոյժ աշխատանք կը տանի։

 

Յայտագրի տեւողութեան Սեւան Տէյիրմենճեան «Կապոյտ երազ» հատորին մասին արտայայտուեցաւ բազմակողմանիօրէն՝ առաջին հերթին յարգանքով ու երախտագիտութեամբ վերյիշելով նաեւ մեր գրականութեան տիրական սպասաւորներէն հոգելոյս տքթ. Վարդան Կոմիկեանը, որ երկար տարիներ առաջ բանախօսութիւն մը պատրաստած էր՝ «Կապոյտ երազ» գիրքի բովանդակութեան ու տրամաբանութեան համահունչ։ Նոյն հիմնակէտով ծնունդ առած էր «Կապոյտ երազ»ի պատրաստութիւնը՝ Պոլսոյ կտրուածքով ծովու վերաբերեալ պատմուածքներու քաղումով։ Գիրքը կը բովանդակէ միայն Հանրապետական շրջանի պոլսահայ գրողներու գործերը։ Սեւան Տէյիրմենճեան ընդգծեց, որ գրականութեան մէջ պատմուածքները ո՛չ միայն դէպքերու, այլեւ՝ վայրերու մասին տեղեկութիւններ գտնելու առիթ կը ստեղծեն։

 

Երեկոյթի եզրափակիչ փուլին Նորին Ամենապատուութեան եւ Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ միասնաբար կատարուեցաւ գինեձօն։ Ապա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտասանեց հուսկ բանքը, որու ընթացքին գնահատեց Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ տարուած աշխատանքը, նաեւ դրուատիքով անդրադարձաւ «Արաս» հրատարակչատան 30-ամեայ գործունէութեան մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը յուշանուէր մըն ալ յանձնեց Սեւան Տէյիրմենճեանին։