image

Լոս Անճելըս. Կեդրոնականի Սանուց. Տեղի ունեցած է աւանդական «Բաժակի պահ»ը եւ խրախճանքը

Լոս Անճելըս. Կեդրոնականի Սանուց. Տեղի ունեցած է աւանդական «Բաժակի պահ»ը եւ խրախճանքը

Պոլսահայ միութեան Կեդրոնական վարժարանի Սանուց յանձնախումբի անդամները եւ համակիրները այս տարի վերապրեցան իրենց սիրելի վարժարանին պատմութիւնը եւ անոնց հոգիներուն մէջ վերանորոգուեցաւ այն վայրը, ուր հայ գիրը ապրեցաւ գիտակցական առողջ մօտեցումով եւ կեանքի բիւրեղեայ հասկացողութեամբ:

Շաբաթ, 15 Նոյեմբերի գիշերը, միութեան «Հրանդ Տինք» դասախօսական սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ վարժարանին նուիրուած տօնակատարութիւնը:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց յանձնախումբին ատենապետ Հերման Չելիք, որ ողջունեց եւ բարի երեկոյ ու բարի ախորժակ մաղթեց բոլորը։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ Կեդրոնականին անունով հիմնադրամ մը հիմնուած է, երբ անձ մը անցեալ տարի փափաք յայտնած է իր շէնքերուն վարձքի եկամուտէն ամէն ամիս 15 հազար տոլարի գումար մը յատկացնել:

Ապա տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրութեան մասին եւ նշեց, որ 1860ականներուն արեւմտահայութեան համար նշանակալի երեւոյթ մըն էր Ազգային սահմանադրութեան որդեգրումը։ Թէեւ մինչ այդ Պոլսոյ մէջ կային առաւել քան 40 նախակրթարաններ, սակայն երկրորդական եւ բարձրագոյն դասարաններու պակասը մեծապէս զգալի էր։ Ուսումնական խորհուրդը միշտ օրակարգի վրայ կ՛ունենար Պոլսոյ եւ գաւառներու Ազգային նախակրթարանները աւարտող պատանիներու երկրորդական ուսում տալու եւ մասնաւորաբար գաւառային նորաբաց դպրոցներուն համար ուսուցիչ պատրաստելու հարցերը։

Ստեփան Փափազեանի ջանքերով կը վերաշինուի Ամենափրկիչեան դպրոցին շէնքը, յարկաբաժիններ աւելցնելով «Կեդրոնական»ին, Ազգային մատենադարանին եւ Ազգային ժողովին համար։

Տոթք. Աւետիքեան նաեւ հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ վարժարանին շրջանաւարտներուն, պաշտօնեաներուն եւ բարերարներուն, ինչպէս նաեւ ուսանողութեան եւ դասարաններուն թիւին մասին՝ նշելով, թէ վարժարանը միշտ յաջողագոյններուն շարքին տեղ գրաւելով՝ հասցուցած է բազմաթիւ արժէքաւոր անհատներ, որոնք թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ արտասահմանի մէջ պատուաբեր պաշտօններու տիրանալով ՝բարձր պահած են «Կեդրոնական»ին անունը։

Ապա տոքթ. Աւետիքեան ներկայացուց իր Կեդրոնականցի դասընկեր Յովսէփ Թօքաթը՝ ընթերցելով անոր հակիրճ կենսագրականը եւ խօսելով հայ ազգին ու մշակոյթին հանդէպ անոր բերած անհատնում ծառայութիւններուն եւ օժանդակութիւններուն ու ստացած շքանշաններուն մասին ու հրաւիրեց զայն՝ որպէսզի յանձնէ գնահատագիր մը իր եւ ատենապետ՝Հերման Չէլիքի ձեռամբ:

Ներկաները ճաշակեցին համադամ աղանդերը եւ ճաշերը, նոյն ատեն զրուցելով իրարու հետ:

Ապա խօսք առին Երուանդ Տօնիկեան եւ Սերժ Պուլանըքեան, որոնք պատմեցին վարժարանին մասին հին յուշեր, իսկ Սիմոն Աճըիլաչ իր ուրախութիւնը յայտնեց միութեան Երիտասարդաց խումբի վերակազմաւորման համար: Ապա կարճ խօսքով մը Էսայեան Սանուց յանձնախումբի նախկին ատենապետուհի Ալին Տօնիկեան ներկաները տարաւ դէպի Կեդրոնական վարժարանի հին եւ պանծալի օրերը:

Կեդրոնականի սաները, նաեւ բոլոր ներկաները տեղեակ եղան, թէ սոյն վարժարանը ի՛նչ կը նշանակէ. անիկա միայն վարժարան մը չէ, որ իր սաներուն գիտութիւն, զօրաւոր ազգային ու համահայկական ոգի ջամբած է, այլ՝ եղած է իմացական զարգացման կեդրոնը եւ ազգային օճախը, ուր աշակերտները իրենց պատանեկութեան օրերը ապրեցան՝ վայելելով դաստիարակներուն ծառայութիւնը:

Գիշերը հասաւ իր աւարտին. ակնյայտ էր, թէ Կեդրոնական վարժարանի դիմագիծին ամէնէն պայծառ եւ շողարձակ գիծը հայերէնն է՝ վարժարանին նուիրեալ ուսուցիչներէն կտակուած. անիկա կը ցոլայ հոգիներուն մէջ բոլոր կեդրոնականցիներուն, որոնք կը ջանան սոյն կտակը պահել մաքուր, կենսագործ եւ պատուաբեր:

 

Մարիէթ Մինասեան Օհանէս