Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ներս ոգեւորութեամբ դիմաւորած են 2025-2026 կրթական շրջանը՝ տօնելով վարժարանի հիմնարկութեան 152-րդ տարուան վերամուտը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Արամեան-Ունճեան վարժարանը իր հիմնարկութեան 152րդ տարուայ վերամուտը կատարեց ներկայութեամբ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներէն Կարօ Պալեանի, Արսէն Թօքաթլըօղլուի, Պէրկման Կիւլսիւնի, Ռաֆֆի Կիւլէսէրի, Արի Պիլալի, Ֆըրաթ Ըրկաւի եւ բազուն ծնողներու։
Աշակերտները, մեծ եռանդով եւ նոր յոյսերով, իրենց համար ուսուցիչներուն կողմէ զարդարուած դասարանները յառաջացան։
Վերամուտի հանդէսը սկսաւ վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի բացման խօսքով։ Տնօրէնուհին աշակերտներուն բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ ուսման կարեւորութեան վրայ ծանրացաւ։
Վերջին դասարանի աշակերտուհի՝ Քայրա Արեւ Պիլալ, վարժարանի հանդէպ իր զգացումները արտայայտեց։
Նախակրթարանի աշակերտներու կողմէ արտասանուած զանազան ոտանաւորներ եւ երգերով, Ե դասարանի պարով ճոխացաւ յայտագիրը։
Ապա տնօրէնուհին ներկաներուն ծանօթացուց վարժարանին ուսուցչաց կազմը եւ պաշտօնեաները։ Ը դասարանի աշակերտներու ընկերակցութեամբ բեմ հրաւիրեց առաջին դասարանի աշակերտները։
Առաջին դասարանի ուսուցչուհիներ Գարին Կիւնտիւզ, Էօզկէ Թամէրէր, Ասլին Ալթըքաթօղլու իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին։ Յետոյ վարժարանի քայլերգի ընկերակցութեամբ աշակերտները գունաւոր փչուկներ արձակեցին դէպի երկինք։ Ծնողներու հետ խմբանկարուելէ ետք առաջին դասի զանգը հնչեցուց Եւա Էրչէօմլէք եւ 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանը սկսաւ։