Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, օրերս, Պատրիարքարանէն ներս ընդունած է Թօփգաբուի Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանի սաները։ Այցելութեան նպատակն էր, որ աշակերտները առաւել եւս ծանօթանային Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 3 Հոկտեմբեր 2025, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թօփգաբուի Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանի աշակերտաց խումբ մը, առանջորդութեամբ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, Նուրհան Սուճեանի գլխաւորութեամբ Թաղային Խորհուրդի անդամներու։
Խումբը կը գլխաւորէին վարժարանի Տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ։ Այցելու պատասխանատուները, նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան, քանի ինք հայրաբար ժամանակ տրամադրած էր վարժարանի աշակերտներուն եւ անոնց առաջնորդող պատասխանատուներուն։ Անոնք, յայտնեցին, որ այս այցելութեան նպատակն էր որ աշակերտները առաւել եւս ծանօթանային Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր։
Մեր Հոգեւոր Պետը զրուցեց աշակերտներու հետ, տեղեկութիւններ տուաւ Աթոռի պատմութեան ու առաքելութեան մասին եւ ուզեց որ հարցնեն իրենց հարցումները։ Բաց աստի մեր Հոգեւոր Պետը ուրախութիւն յայտնեց նկատի ունենալով որ աշակերտներ Աթոռին ծանօթանալու առիթը գտած էին։ Այս ուղղութեամբ իրենց յայտնեց, որ Պատրիարքարանը կը պատկանի բոլոր ժողովուրդին, հետեւաբար երբեք չքաշուին այստեղ այցելելէ։
Տղաքը ոգեւորուած երգեցին ու աղօթեցին Նորին Ամենապատուութեան հետ, լսեցին հայրական խրատները։ Հանդիպման առիթով, մեր Հոգեւոր Պետը գնահատեց նաեւ տնօրէնն ու կրթական մշակները, քանի կազմակերպած էին այս այցելութիւնը։
Պատրիարք Հայրը, այցելութեան որպէս յիշատակ տղոց նուիրեց պատկերազարդ Աստուածաշունչ ու զանազան գիրքեր, թելադրեց որ, անպայման ընթերցեն Ս. Գիրքը եւ օտար չմնան իրենց պապենական հաւատքին։
Ապա աշակերտներ այցելեցին պարտէզի Կոմիտաս Վարդապետի արձանը։ Հուսկ, բոլորը միասնաբար առաջնորդուեցան Աթոռոյս Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանը, ուր Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանէ տեղեկութիւններ ստացան։